Armenian Young Men's Society of Jerusalem (Hoyetchmen)
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈԻԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

On the occasion of Hoyetchmen's 84th anniversary
October 31, 2021
Նուիրուած ՀԵՄ-ի 84 ամեակին
ԻՄ ՀԵՄիս
Միշտ Հրճուանքով եւ խառն զգացումներով կը մօտենամ ՀԵՄ-ի ակումբին։ Տակաւին երեկ էր. փոքր մանուկ մն էի, երբ հայրս ձեռքէս բռնած առաջնորդեց «ՀԵՄ»ի այն ժամանակուայ ակումբը՝«Քիրեճխանայ»ի մութ սրահը եւ զիս յանձնեց գեղադէմ երիտասարդի մը՝ (նորոգ հանգուցեալ) Գէորգ Մանտոսեանին, որ Միութեան գայլիկապետն էր եւ անոր ըսաւ . «Ստանձնէ զաւակս եւ կերտէ անոր մէջ ազգասիրոյթեան ու հայրենասիրութեան ոգին»։
Օրերը մեր կեանքին ի՜նչ անգութ արագութեամբ կը սուրան։ Այս պահուս հոգիէս ներս կը խուժեն հին ու աղուոր օրերու թախծանոյշ յիշատակներ եւ աչքերուս առջեւէն կ’անցնին սիրելիներու դէմքեր եւ անոնց հետ կապուած դէպքեր՝ որոնք Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, եղաւ հայ երիտասարդի իմ հաւատքիս եւ նուիրումիս ընդունարանը եւ իբր հայ մարդ իմ գաղափարական զարգացումիս վրայ բարերար մեծ ազդեցութիւն մը ունեցաւ։
Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, որ հիմնադրուած էր 1937-ին, միանալով 1929-ի Հայֆայի եւ ապա 1937-ին Յոպպէի մեջ հիմնադրուած քոյր միութիւններուն, եղաւ լուրջ եւ անաղմուկ՝ մշակութային, գեղարուեստական, թատերական, մարզական եւ սկաուտական գործունէութեանց նախակարապետը։
31 Հոկտեմբեր 1937-ին, նոր Միութեան մը հիմը չդրուեցաւ, այլ եօթնամեայ «ՊՀՄՄ»ի (Պաղեստինի Հայ Մարմնակրթական Միութիւն) անուանափոխութիւնը կատարուեցաւ եւ նոր վարչութիւն մը ընտրուեցաւ։
Անդրանիկ Մարգարեանի ատենապետութեամբ, Հայկազ Մխալեան, Պօղոս Էքմէքճեան, Աւետիս Սանճեան, Թորոս Չաքմաքճեան եւ Կարպիս Եսայեան անցան բազմակողմանի գործունէութեան մը ծրագրին գործադրումին։ Նոր Վարչութեան անդամներուն հոգիներուն մէջ աշխարհ մը նուաճելու, փոխելու խանդ կար: Անպարտելի էր անոնց կամքը եւ պայծառ էր անոնց տեսիլքը: Միասին կը մտածէին, կը զգային կարելին ու անկարելին եւ կը հաւատային որ ունին ոյժն ու կարողութիւնը, «պատրաստելու տիպար հայ երիտասարդներ՝ տալով անոնց հայեցի կրթութիւն մը եւ կրթելով զանոնք բարոյապէս, մտաւորապէս եւ ֆիզիքապէս» ինչպես որ բանաձեւուած էր Միութեան Ծրագիր Կանոնագրին մէջ։
Գաղափարակից գործընկեներ էին անոնք եւ անոնց խառնուածքները, կարողութիւնները իրարու ներդաշնակ համադրութիւն մը կը կազմէին։
Կը ծրագրէին, կ՚որոշէին եւ կը Գաղափարակից գործընկեներ էին անոնք եւ անոնց խառնուածքները, կարողութիւնները իրարու ներդաշնակ համադրութիւն մը կը կազմէին։ Կը ծրագրէին, կ՚որոշէին եւ կը գործադրէին միասնաբար։
Այդ օրերուն Երուսաղէմի պայմաններուն մէջ «ՀԵՄ»էն դուրս՝ անձնական ընկերային կեանք մը անհնար էր։ «ՀԵՄ»էն ներս գործելը զուտ պարտականութիւն մը չէր, այլ բնազդներու, ձգտումներու եւ զարգացումներուն վսեմացումը, եւ հաճոյք մըն էր միաժամանակ։
Կ'ուզեմ այստեղ յիշել «ՀԵՄ»ի տիրական դէմքի՝ ընկեր Հայկազ Մխալեանի անձի մասին, անոր նկարագրին, անոր նուիրումին մասին։ Ընկեր Հայկազ «ՀԵՄ»ի առաջին վարչութեան Փոխ-Ատենապետի հանգամանքով՝ եւ ապա ՀԵՄի Ատենապետ թագադիր ասպետի դերը կատարեց «ՀԵՄ»ի կազմաւորման եւ զարգացման գործին մէջ։ Առեղծուածային այս անձը, հակառակ այն իրողութեան որ իր երկրորդական ուսումը աւարտելու առիթը չէր ունեցած, զարմանալի համարձակութեամբ հայերէն եւ անգլերէն լեզուները կը գործածէր եւ հայերէնով բանաստեղծութիւններ կը գրէր, այլեւ «ՀԵՄ»ի մասին քարոզչական ոտանաւորներ կը ստորագրէր։
Ընկեր Հայկազը օժտուած էր համոզելու, ազդելու, առաջնորդելու բացառիկ կարողութեամբ մը։ Զօրաւոր կամք ունէր եւ յարատեւութիւն ու չէր հանգչեր մինչեւ որ հասնէր իր նպատակին։ «ՀԵՄ»ը իր համար հրապուրիչ մտասեւերում մը դարձած էր, ինքզինք իրագործելու, հաստատելու եւ իր կյանքը իմաստաւորելու միջոցը։ Գիշեր ցերեկ «ՀԵՄ»ի մասին կը մտածէր ու ծրագիրներ կը մշակէր։ Օրեր ու ժամեր տուած է իր ընկերներու հետ «ՀԵՄ»ի Ծրագիր- Կանոնագրի մշակումին՝ իր յետին մանրամասնութիւններով։ Ընկեր Հայկազի առաջարկն ու որոշումն էր որ «ՀԵՄ»ը քայլերգ ունենայ։
Որոշուեցաւ «բանք» ին համար դիմել Եղիվարդին (յետո՝ Եղիշէ Պատրիրաք Տէրտէրեան), որ միշտ բարեացակա վերաբերում ունեցած է մեր Միութեան հանդէպ։ Եղիվարդ կ՚ընդունի առաջարկը եւ քանի մը շաբաթէն «Անդունդներէն Տառապանքին» գեղեցիկ քերթուածը կը յօրինէ։ Ապա կը դիմուի երգահան Շահան Պէրպէրեանին, որ ազնուօրէն կ՚ընդունի քայլերգին երաժշտութիւնը գրել: Եղիվարդի հայրենաշունչ տողերուն ներդաշնակ եղանակի յօրինումով ինքնատիպ ամբողջութիւն մըն է մեր Քայլերգը։
«ՀԵՄ»ը երկար տարիներու գոյութիւնը չէ եղած խաղաղաութեան շրջան մը երկրէն ներս։ Անցուցած ենք Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը (1939-1945) իր ամբողջ արհաւիրքներով։ Անոր յաջորդեց Հրեայ-Արաբ պատերազմը 1948-ին, յետոյ 1956-ի պատերազմը (Սուէզի ճգնաժամը), 1967-ի եւ 1973-ի պատերազմները եւ «Ինթիֆատայ»ի ներքին խռովութիւնները երկրէն ներս։ Իսկ գաղութի ամենադժբախտ պարագաներն էին ներքին երկպառակութիւնները եւ պայքարները։
Այս բոլորը շատ ծանր հարուածներ էին, բայց այս ամբողջին մէջէն «ՀԵՄ»ը կարողացած է դուրս գալ պատուաւոր ձեւով, միշտ թիկունք կանգնելով բարիին եւ երբեք չշեղելով իր սկզբունքներէն։
Հակառակ գաղութի նօսրացման արտագաղթի պատճառով, որոնք ներքին եւ արտաքին էին, «ՀԵՄ»ը կը պահէ իր աշխուժութիւնը եւ ստուար թիւը:
Ով որ իսկական «ՀԵՄ»ական մը եղած է, երբեք չի կրնար մոռնալ իր Միութիւնը, ուր որ ալ գտնուի, նմանապէս եւ «ՀԵՄ»ը չի կրնար մոռնալ իր անդամները, աշխարհի որ կողմն ալ ապրին անոնք։
«ՀԵՄ»ը պիտի գոյատեւէ դեռ երկար տարիներ, Հիմնադիրներու ժառանգորդները պիտի շարունակէն անոնց գործը:
Յարգա՛նք մեր Միութեան պատկառելի Հիմնադիրներուն։
Յակոբ Անդրէասեան